Իրան դէմ է տարածաշրջանին մէջ ռազմականացման, լրագրողներուն ըսած է Հայաստանի մէջ Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մեհտի Սոպհանին՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի կողմէ Իսրայէլէն զէնք գնելու մասին լուրերը։
«Մենք դէմ ենք տարածաշրջանին մէջ ռազմականացման: Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք Ատրպէյճանի հետ, այն մեր հարեւանն է: Եւ մենք կ՚ընենք հնարաւոր ամէն ինչ՝ օգտագործելով մեր բոլոր կապերը Պաքուի հետ, որպէսզի օգնենք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման», –ըսած է Սոպհանին:
Նշենք, որ 2025 թուականին ատրպէյճանական «Silk Way Airlines» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի նաեւ զէնքի տեղափոխմամբ, կը շարունակէ թռիլ Իսրայէլի «Օվտա» ռազմական օդակայան, որ կ՚օգտագործուի պայթուցիկ նիւթեր ներկրելու եւ արտահանելու համար։
Յամենայնդէպս, ըստ անոր, Իրանը ուշադիր կը հետեւի տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի զարգացման։
Ան նշած է, որ Թեհրանը կապի մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի հետ եւ կողմ է, որ երկու պետութիւնները զսպուածութեան միջոցով հասնին խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։ Ըստ դեսպանի՝ եթէ կողմերը ուզեն որեւէ ձեւաչափ, Իրանը պատրաստ է աջակցելու ատոր՝ լարուածութիւն թոյլ չտալու եւ խաղաղութեան հասնելու համար։
«Կը կարծենք, որ գոյութիւն ունեցող 3+3-ը շատ լաւ ձեւաչափ է, եւ ատոր միջոցով կարելի է հասնիլ հրադադարի պահպանման ու խաղաղութեան հաստատման», – նշած է Իրանի դեսպանը։
Իրանը մշտապէս հանդէս եկած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման օգտին՝ յայտարարելով, որ Երեւանն ու Պաքուն ատոր պէտք է հասնին տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքներու հիման վրայ։