ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ պնդած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին մտադիր է վերահսկողութիւն հաստատել Ուքրանիոյ վրայ։
Այս մասին ան յայտարարած է Սեուլի մէջ։
«Մենք նշաններ չենք տեսներ, որ նախագահ Փութինը փոխած է այս ներխուժման վերջնական նպատակը՝ վերահսկել հարեւանին վրայ, վերահսկել Ուքրանիան»,-ըսած է գլխաւոր քարտուղարը։
Ան կը կարծէ, որ Մոսկուան կը պատրաստուի «ոչ թէ խաղաղութեան, այլ հակառակի»։
Ըստ Սթոլթընպըրկի՝ Ռուսիա կը հաւաքագրէ աւելի շատ զինուորներ՝ աւելի քան 200,000 եւ, հնարաւոր է, նոյնիսկ աւելի։
«Անոնք նոր զէնքեր կը գնեն, աւելի շատ զինամթերք, կը մեծցնեն իրենց արտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ զէնք կը գնեն միապետական երկիրներէ, ինչպիսիք են Իրանը եւ Հիւսիսային Քորէան», - ըսած է Սթոլթընպերկ։