ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
«ՓՐՓՈ՜Ր…»
Աստեղազարդ երկնքի մը տակ, որ համատարած օրհնութեան մը պէս պարուրեր է գիշերային անդորրը այս անծայրածիր ծառաստանին, ահա հաւաքուեր ենք Ամերիկայի չորս ծագերէն և այս իրիկուն բոլորուեր ենք խնճոյքի։ Ասիկա տարբեր է խրախճանութեան սովորական հանդէսներէն։ Ասիկա Ֆրեզնո՛ն է։ Հայութեան ամենէն հին աճելավայրերէն մէ՛կը՝ այս հողին վրայ։
Այստեղ է, որ հայը տառապեցաւ, քաշքշուեցաւ, մերժուեցաւ։ Այստեղ է, որ հայը յամառօրէն կուրծք տուաւ և մերժեց ընդունիլ պատմական մեծ թիւրիմացութիւնը։ Այստեղ է, որ ան կպաւ հողին. փոխե՛ց հողը. զայն ըրաւ կենսատու. վերստեղծեց իր այգեստանը և հաւատաց, որ ինք կրնայ յեղաշրջել ճակատագիրը։
Հիմա այդ հին գերդաստաններու կողքին, այստեղ նոր գիւղաշխարհ մըն է, որ սկսեր է կեանք առնել։ Քեսապցիներո՜ւ Ֆրեզնոն…Հեռաւորութիւններէն չտպաւորուող և օտարութիւնը լայն սրտով հեգնող՝ աշխատասէր ու ձեռներէց այս մարդիկը, որոնք բանակեր են այս բարեբեր այգիներու կուրծքին վրայ, տոկացեր են տնտեսական տագնապին, որ ատեն մը այնքան ուժգնօրէն հարուածեց այգետէրերու տնտեսութիւնը, հաւատքով փարեր են գործին և իրենց շէն ու բազմանդամ տոհմերով այգին վերածեր են տան։
Այս գիշեր, այդ յաւիտենապէս կանգուն մնացող տան տօնն է։ «Փրփոր»ի հեթանոսական ծէ՛սը…Այս գիշեր, հիւրն ենք Պուճիքեաններու տան և մեր հիւրընկալը ուզեր է, որ «փրփոր»ի այս հին արարողութիւնը ըլլայ հարազատ, Քեսապի պապենական իր հողերուն գաղտնի բոյրե՛րը յիշեցնող։
«Փրփոր»ը քեսապցիներու բարբառին մէջ հնչափոխութեան ենթարկուած փրփուրն է։ Եւ ի՜նչ պատուական և ոսկեղէն փրփուր։ Այգետան կողքին, դափնիներու շուքին տակ, գեղջուկ ու մտերիմ բաներու անսեթևեթ դասաւորումէն ծներ է այս բացատը և անոր մէկ ծայրը ահաւաւասիկ դրուած են րուպին կաթսաները։ Անոնք թաղուած են պեթոնէ կառոյցի մը մէջ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ մէկ մեծ փայտօճախ, ուր մեծ բոցերով կը ճարճատեն կոճղին կտորները և խաղողի րուպն է, որ կ՚եռայ անհունօրէն և իր անմահական բուրմունքը կը ղրկէ դրացի այգիներուն։ Ամբողջ օր մը կոխկռտեր են այդ խաղողը իրենց կայտառ գարշապարներուն տակ։ Ամբողջ օր մը հոսեր է աստուածային հիւթը և լեցուցեր է այս առասպելական կաթսան, որ կը կարծես, թէ չի լեցուիր…
Եւ ահաւասիկ, թեզանիքները սոթթած, գործի է անցեր այս արարողութեան նորայայտ քուրմը՝ նոյնինքն Տաթև Սրբազա՛նը։ Փայտեայ հսկայ թասերով և ինքնայատուկ կշռոյթով՝ հեղուկը պիտի վերցնես և պատշաճ բարձրութենէ մը զայն վերստին թափես պիտի կաթսային գիրկը։ Եռացած հեղուկը կը վերածուի գոլորշիի և կ՚եփէ դէմքերը «փրփոր»ի յայտնի նահապետներուն, հայոց լեռնաշխարհէն եկած այս հիներո՛ւն, որոնք շրջապատեր են կաթսան և երկիւղածութեամբ և վերացումով կը հետևին Սրբազան Հօր խորհրդաւոր շարժուձևերուն։
Այսպէս է , որ կը կազմուի թանձր փրփուրը կաթսայի մակերեսին։ Այսպէս է, որ պահը կը հասուննայ և Սրբազան Հօր օրհնէնքէն ետք, երբ րուպի ոգելից կաթսան այլևս դադրած է րուպ ըլլալէ, այլ վերածուած է…զգլխիչ միւռոնի, Պուճիքեաններու զարմին չքնաղ դուստրերը, դափնիի ճիւղեր իրենց ձեռքին, լայն ամաններով, այդ փրփուրը պիտի անցընեն ձեռքէ ձեռք՝ վասն ճաշակելոյ։
Աւանդութիւնը կ՚ուզէ, որ քեզի երկարած դափնիի ճիւղէն տերև մը փրցնես և զայն դգալի վերածած՝ մեծկակ բաժին մը առնես տաքուկ փրփուրէն, որ ակնթարթի մէջ պիտի հալի ու չքանայ – որպէս թէ գոյութիւն չունենա՜ր ան, ինչպէս բոլոր երանելի բաները այս կեանքին։ Լեզուիդ վրայ մնացողը պիտի ըլլայ համը, որ խտացեալ իմաստութիւնն է խաղողին ու դափնիին։ Անկէ մնացող անբացատրելի զգայնութի՛ւնը. հայրենիքի մը պէս հողաբոյր, իրական, նուիրական ու անկրկնելի, որուն աւիշը կը մտնէ երակներուդ մէջ և հոն կը մնայ։ Այն ատեն կ՚ըզգաս, որ աշխարհներ կտրած այս մարդը, որ մեր հիւրընկալն է, իր բոլոր աշխարհներէն անդին՝ դեռ իր սրտին ներսը իր պարզուկ գիւղը ունի և անպայման գիտէ իր ըրածը։
Հազարաւոր տարիներու խորէն կը լսեմ նոյն գուսանին կարօտի երգը…Ո՜վ պիտի տայ ինծի ծխանի ծուխը և Նաւասարդի առաւօտը… եղնե՛րը՝ որ կը վազեն և եղջերուները՝ որ կը վարգեն…մեք փող հարուաք և ի թմբկի հարկանէաք որպէս օրէն էր թագաւորաց…
Ամբողջ գիշեր մըն է իր կատաղի պոռթկումով։ Որսի միսով և հողին բարիքներով յորդող համայնական սեղանն է ծառերուն տակ։ Փրփուրի կաթսային կողքին խենթ շուրջպարն է, որ կը դառնայ։ Գառնիկն է իր կորովի երգերով։ Քեսապի հին թմբուկն է Րաֆֆիին վարպետ ձեռքերուն տակ, որ կը թնդայ անդադար։ Հրաչին զիլ զուռնան է, որ գերերկրային ճիչերով կը հմայէ պարողներու անդուլ շղթան։ Եւ այս հուժկու մարդիկն են, որոնք իրենց ափերն ագուցած իրարու, հպարտ ու տոկուն, իրենց ամուր կրունկներով և դաժան կշռոյթով մը, որուն գաղտնիքը իրենք միայն գիտեն, յստակ ու մեկին պատգամ մըն է, որ կը յղեն վերին պետութեան…
Նոյեմբեր 1987
