Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթըն X-ի էջին յայտարարած է, որ ժամանած է Թէլ Աւիւ, ուր մտադիր է հանդիպիլ Իսրայէլի ղեկավարութեան հետ։
«Թէլ Աւիւի մէջ վայրէջք կատարելով՝ ես պիտի հանդիպեմ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի եւ ռազմական գրասենեակի հետ՝ վերահաստատելու Իսրայէլի հանդէպ Ամերիկայի անսասան հաւատարմութիւնը, քննարկելու ՀԱՄԱՍ-ի ոչնչացման ուղղութեամբ Իսրայէլի գործողութիւնները, ընդգծելու խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ ապահովելու մարդասիրական օգնութեան հոսքը Կազա»,- գրած է Օսթըն։