ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարէտ Քուշները ժամանած են Մոսկուա՝ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու համար։
ԱՄՆ ներկայացուցիչները փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարած է «Վնուքովօ-2» օդակայանին մէջ։ Ռուսական լրատուամիջոցները հրապարակած են նաեւ ինքնաշարժներու շարասիւնի տեսագրութիւնները։