ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընտրուած է Հայաստանի ժողովուրդի քուէով, ուստի անոր կրնայ հեռացնել միայն ժողովուրդը։ Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին ՔՊ–ի անունով յայտարարած է ՔՊ–ական պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանը։
Նշենք, որ երէկ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը մեծ հանրահաւաք իրականցուցած էր Հանարապետութեան հրապարակին մէջ։ Շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին մէկ ժամ ժամանակ տուած էր հրաժարական տալու համար, որ տեղի չունեցաւ։
«ՀՀ լեգիտիմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին չի կարելի հեռացնել Ռոբերտ Քոչարեանի տարատեսակ խօսնակների պահանջով։ Երբ որ ժողովուրդը կը ցանկանայ ՀՀ–ում իշխանութիւն փոխել, ժողովուրդը իշխանութիւն կը փոխի, բայց ժողովրդին երբեք չի կարելի նոյնականացնել սերժաքոչարեանական բանդաների հետ»,–ըսած է Ալեքսանեանը։
Ան նշած է, որ իր ըսածը չի վերաբերիր Հանրապետութեան հրապարակի մէջ հաւաքուած բոլոր քաղաքացիներուն։