Հայաստանի կառավարութեան մէջ այսօր՝ 12 հոկտեմբերին, տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հանդիպումը:
Կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեան յայտնած է, որ «Նմանատիպ հանդիպումները կրում են պարբերական բնոյթ»:
Յիշեցնենք, որ 9 հոկտեմբերին յայտնի դարձած էր, որ Արցախի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի ժամանէ Երեւան՝ ՀՀ իշխանութիւններու հետ քննարկելու Արցախի եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: