image

Փաշինեան-Յարութիւնեան հանդիպում ՝Երեւանի մէջ

Փաշինեան-Յարութիւնեան  հանդիպում ՝Երեւանի մէջ

Հայաստանի կառավարութեան մէջ այսօր՝ 12 հոկտեմբերին, տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հանդիպումը:

Կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեան յայտնած է, որ «Նմանատիպ հանդիպումները կրում են պարբերական բնոյթ»:

Յիշեցնենք, որ 9 հոկտեմբերին յայտնի դարձած էր, որ Արցախի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի ժամանէ Երեւան՝ ՀՀ իշխանութիւններու հետ քննարկելու Արցախի եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: