image

Փաշինեան Շարլ Միշէլ հեռախօսազրոյց

Փաշինեան Շարլ Միշէլ հեռախօսազրոյց

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ։

Զրուցակիցներն անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով շարունակուող ճգնաժամային իրավիճակին։ Մտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի, խաղաղութեան պայմանագրի, տարածաշրջանի հաղորդուղիներու վերագործարկման հարցերու շուրջ։

Վարչապետը մտահոգութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Ատրպէյճանի աճող յարձակողական հռետորաբանութեան եւ սադրիչ գործելակերպի առնչութեամբ, ինչ որ կը խոչընդոտէ կայունութեան ու խաղաղութեան միտուած ջանքերը։

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու տարածաշրջանի մէջ երկխօսութեան ու խաղաղութեան։