image

Փաշինեան Պրիւքսէլ պիտի մեկնի. Կը սպասուի եռակող հանդիպում

Փաշինեան Պրիւքսէլ պիտի մեկնի. Կը սպասուի  եռակող հանդիպում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 22-ին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Պրիքւսէլ:

Նոյն օրը վարչապետը առանձնազրոյց պիտի ունենայ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ:

Պրիւքսէլի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: