Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի չմասնակցի նոյեմբեր 23-ին Մինսքի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին։ Այդ մասին Փաշինեանն ըսած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին։
Վարչապետի գրասենեակէն յայտնած են, որ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է պելառուսական կողմի նախաձեռնութեամբ։
«Քննարկուել են ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհրդի՝ նոյեմբերի 23-ին Բելառուսի մայրաքաղաք Մինսկում կայանալիք նիստի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր: Վարչապետ Փաշինեանը Բելառուսի նախագահին տեղեկացրել է, որ չի կարողանայ մասնակցել նիստին եւ յոյս յայտնել, որ ՀԱՊԿ գործընկերներն ըմբռնումով կը վերաբերուեն այդ որոշմանը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նիկոլ Փաշինեանը չէր մասնակցած նաեւ հոկտեմբեր 13-ին Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին: Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի փոխարէն ալ հոկտեմբեր 12-ին Պիշքեքի մէջ կայացած Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցած էր Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը։
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը եւս չէր մասնակցած նոյեմբեր 8-ին Մոսկուայի մէջ կայացած Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան պետութիւններու անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու հերթական հանդիպման։