Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին յայտնած է Քրեմլի կայքը:
«Շարունակուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկումը։ Վերահաստատուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի նոյեմբեր 26-ի եւ յունուար 11-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը։
Միաժամանակ նշուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի դերը տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման գործին։
Անդրադարձ կատարուած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման որոշ արդիական հարցերու», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։