image

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց. Թեման պրիւքսէլեան հանդիպումն է

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց. Թեման պրիւքսէլեան հանդիպումն է

Յունիս 1-ին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ:

Ռուսիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորած է ծննդեան օրուայ առիթով եւ լաւագոյն մաղթանքներ փոխանցած է: Վարչապետ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է ծննդեան օրուայ առիթով հեռախօսազանգի համար եւ ընդգծած է, որ բարձր կը գնահատէ Ռուսիոյ նախագահին ջերմ, բարեկամական վերաբերմունքը:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային խնդիրներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրադրութեան:

Ռուսիոյ նախագահը ողջունած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի առաջին հանդիպումը եւ վերահաստատած է Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու սահմաններու սահմանազատման գործընթացին: Ընդգծուած է, որ համաձայն պայմանաւորուածութեան, յանձնաժողովի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ:

Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման խնդիրին եւ եռակողմ աշխատանքային խումբի աշխատանքները աշխուժացնելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է:

Վարչապետ Փաշինեանը Ռուսիոյ նախագահին հետ տպաւորութիւններ կիսուած է պրիւքսէլեան վերջին հանդիպումէն եւ մտահոգութիւն յայտնած է հանդիպումէն յետոյ քննարկումներու էութեան հետ կապ չունեցող մեկնաբանութիւններու առիթով:

ՀՀ վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահի ս/թ Ապրիլ 19-ի համատեղ յայտարարութեան դրոյթներուն համապատասխան զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման հետ կապուած հարցեր, մասնաւորապէս` ԵԱՀԿ Մինքի խումբի համանախագահութեան աշխատանքները աշխուժացնելու հնարաւորութիւնը: