Չարենցաւանի մէջ 19 Մարտին, տեղի ունեցած է «ՀՀ վարչապետի գաւաթ» սեղանի թենիսի սիրողական մրցաշարի եզրափակիչ փուլը:
Եզրափակիչ փուլին ներկայ եղած են ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար՝ Վահրամ Դումանեանը, փոխնախարար՝ Կարէն Գիլոյեանը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար՝ Արայիկ Յարութիւնեանը, ՀՀ առողջապահութեան նախարար՝ Անահիտ Աւանեսեանը:
Ըստ hraparak.am կայքին, միջոցառումը տեղի ունեցած է Չարենցաւանի նորակառոյց մարզադպրոցէն ներս։ Փաշինեանի այցի կապակցութեամբ ուժեղացուած հսկողութիւն իրականացուած է այդ տարածքին մէջ։ Ոստիկանական բազմաթիւ ինքնաշարժներ փակած են ճանապարհը եւ թոյլ չեն տուած, որ մարդիկ ինքնաշարժներով դէպի մարզադպրոցի կողմ շարժին։
«ՀՀ վարչապետի գաւաթ» սեղանի թենիսի սիրողական մրցաշարի եզրափակիչ փուլի կայացման համար կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւնը 24 միլիոն 365 հազար դրամ դրամաշնորհ տրամադրած է «Քոնցեփթ ինվեսթ» ՍՊԸ-ին։
Ի դէպ, նախարարութիւնը մրցոյթի մասնակիցներուն համար դրամական պարգեւներ սահմանած է. 1-ին տեղ՝ 1.000.000 ՀՀ դրամ, 2-րդ տեղ՝ 600.000 ՀՀ դրամ, 3-րդ տեղ՝ 400.000 ՀՀ դրամ, 4-րդ տեղ՝ 150.000 ՀՀ դրամ, 5-րդ տեղ՝ 100.000 ՀՀ դրամ, 6-10-րդ տեղերը՝ 75.000 ՀՀ դրամ, 11-20-րդ տեղերը՝ 50.000 ՀՀ դրամ: