image

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման օրը հաստատուած է

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման օրը հաստատուած է

Եւրոպական խորհուրդի մամուլի ծառայութիւնը հաստատած է, որ 14 մայիսին նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը։

Իսկ յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է 1 յունիսին՝ Քիշնեւի մէջ: Այն տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ։