«Լիվըրփուլ»-ի յառաջապահ Մոհամմատ Սալահ բացատրած է, թէ ինչու այս մրցաշրջանին կը ցանկայ աւելի շատ յաղթել Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ, քան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի։
«Վերջին եօթ-ութ տարիներու իմ հարցազրոյցներուն մէջ ես միշտ ըսած եմ, որ կը ցանկամ յաղթել «Չեմփիընզ Լիկ»-ին մէջ: Բայց ասիկա առաջին անգամն է, որ կ'ըսեմ, որ իսկապէս կը ցանկամ յաղթել «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ «Լիվըրփուլ»ի հետ։
Ինչո՞ւ։ Ես գաղափար չունիմ։ Հաւանաբար այն պատճառով, որ [անցեալ անգամ] մենք չտօնեցինք յաղթանակը այնպէս, ինչպէս կը ցանկայինք («Լիվըրփուլը յաղթեց «Փրեմիեր լիկ»-ը 2019/2020 մրցաշրջանին, որ կը կատարուէր սահմանափակումներով՝ պայմանաւորուած Քորոնա ժահրի համավարակի պատճառով):
Եւ նաեւ, վերադառնալով այստեղ, կը հասկնամ, որ այս իմ վերջին տարին է ակումբին մէջ, եւ ես կը ցանկամ ինչ որ առանձնայատուկ բան ընել քաղաքին համար»,- Սալահի խօսքերէն մէջբերած է Sky Sports-ը։
«Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ 18 հանդիպումէ յետոյ «Լիվըրփուլ»ն ունի 45 միաւոր եւ կը գրաւէ առաջին տեղը՝ վեց միաւորով առաջ անցնելով մօտակայ հետապնդող «Արսենալ»էն: «Կարմիրները» մէկ խաղ պակաս խաղցած են: