Ճափոնուհի Թոմիքօ Իթոոքա, որ կը համարուէր Երկիր մոլորակի ամենատարեց բնակչուհին, կեանքէն հեռացած է 116 տարեկան հասակին:
Ան մահացած է 29 դեկտեմբերին Հիւկօ նահանգի Ասիա քաղաքի ծերանոցին մէջ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է 4 յունուարին:
Թոմիքօ Իթոոքա ծնած է 23 մայիս, 1908 թուականին Օսաքա։ Ան երեք քոյրերու աւագն էր։ Շուրջ 30 տարի առաջ տեղափոխուած էր Ասիա քաղաք։