image

Փարիզի մէջ խռովութիւնները չեն դադրիր. Ձերբակալուած է 667 անձ

Փարիզի մէջ խռովութիւնները չեն դադրիր. Ձերբակալուած է  667 անձ

Ֆրանսայի մէջ արդէն երեք գիշեր է՝ ցոյցեր տեղի կ'ունենան, որոնք կ'ուղեկցւուին ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներով։ Ըստ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարի՝ ցոյցերու ընթացքին առնուազն 667 մարդ ձերբակալուած է։ Այս մասին հաղորդած է BBC-ն։

Բողոքի առիթ դարձած է ոստիկանութեան կողմէ 17-ամեայ դեռահաս վարորդի սպանութիւնը։ Տղան հրաժարած էր ենթարկուիլ ոստիկաններուն եւ մեքենայով հեռացած էր, սակայն ոստիկաններէն մէկը կրակած էր անոր վրա, եւ ան ստացած վնասուածքներէն մահացած էր։

Ֆրանսայի ՆԳՆ ղեկավար Ժերալտ Տարմանէնը յայտնած է նաեւ, որ ոստիկանները, պարեկներն ու հրշէջները գիշերը երկրի մէջ ծայր առած «հազուադէպ բռնութիւնները յաղթահարած են խիզախօրէն»։

Ամբողջ երկրին մէջ ցոյցերու ընթացքին թալանուած են խանութներ, հրկիզուած մեքենաներ՝ հակառակ ոստիկաններու մեծ թիւին․ Ֆրանսայի մէջ ցոյցերու ընթացքին անկարգութիւններ թոյլ չտալու համար տեղակայուած էր 40 հազար ոստիկան։