Կազայի հատուածին մէջ առաւօտեան իսրայէլեան հարուածներու զոհ դարձած է առնուազն 50 մարդ։ Այս մասին յայտնած Al-Jazeera հեռուստաալիքը։
«Կազա քաղաքին, հատուածի հիւսիսային եւ կեդրոնական շրջաններուն իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով այսօր առաւօտէն 50 մարդ զոհուած է», - յայտնած են բժշկական աղբիւրները:
Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ աւելի քան 10 մարդ զոհուած է Կազայի դպրոցին մէջ, ուր փախստականներ կը բնակէին: Ռմբակոծութեան ենթարկուած են նաեւ Տէյր-ալ-Պալախ քաղաքին մէջ, Ճեպալիա եւ Նուսէյրաթ ճամբարներուն մէջ տեղակայուած թիրախներ, այդ շարքին՝ բնակելի շէնքեր:
Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան վիճակագրութեան համաձայն՝ մարտ 18-էն ի վեր, երբ Իսրայէլը վերսկսած է գնդակոծութիւնները, Կազայի մէջ զոհուած է աւելի քան 3,3 հազար մարդ, վիրաւորուած աւելի քան 9,3 հազարը:
Մայիս 18-ին Կազայի հատուածի քաղաքացիական պաշտպանութեան ծառայութիւնները նախազգուշացուցած են, որ իսրայէլեան ռմբակոծութիւններու աճող աշխուժութեան լոյսին տակ յառաջիկայ 72 ժամուան ընթացքին ստիպուած պիտի ըլլան դադարեցնել բնակչութեան օգնութեան ցուցաբերումը, եթէ չստանան մեքենաներու վառելիքի առնուազն նուազագոյն պաշարներ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը մայիս 18-ին յայտարարած է Կազայի հատուածին մէջ լայնածաւալ՝ «Կետեոնի մարտակառքեր» ցամաքային գործողութեան իրականացման մասին, որու նպատակը պաղեստինեան «Համաս» շարժման վերջնական ջախջախումն է: Ռազմական գործողութիւններու ընդլայնումը տեղի կ՚ունենայ Քաթարի մէջ միջնորդաւորուած բանակցութիւններուն զուգահեռ, ուր դեռ փորձեր կ՚ըլլան համաձայնեցնելու հրադադարը եւ իսրայէլցի պատանդները ազատ արձակելու գործարքը: