image
Հրատապ լուրեր:

Փարիզի մէջ. Դոկտ. Արմէն Փանոսեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն

Փարիզի մէջ. Դոկտ. Արմէն Փանոսեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն

Փարիզի հայկական շրջանակներէն  նոր յաջողութեան մը մասին լուր ստացանք։

Դոկտ. Արմէն Փանոսեան նշանակուած է գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կը տեղեկանանք, թէ դոկտ. Արմէն Փանոսեան, որ միացած էր Գիտական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնին (CNRS) որպէս հետազօտող 2011 թուականին, ազգային մրցոյթին յաջողութիւն արձանագրելով նշա-նակուած է գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն (2-րդ կարգի): 

Արմէն իր մասնագիտութեան մէջ (մոլեքիւլային ճարտարապետութիւններ) 2024-ի Ֆրանսայի 7 յաջողակներէն մէկն է: Ան իր պաշտօնը կը ստանձնէ 2024 Հոկ-տեմբեր 1-էն:

Արմէն իր հետազօտութիւնները կը կատարէ Սթրազպուրկի Մոլեքիւլային նո-րարարութիւններու եւ կիրարկութիւններու գիտաշխանոցին (LIMA – UMR7042) մէջ:

Մեր շնորհաւորութիւնները Արմէնին եւ ծնողքին։