Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կրնայ այլեւս տեղի չունենալ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է CNN հեռուստաընկերութիւնը՝ յղում կատարելով իրազեկ աղբիւրներու։
Անոնց համաձայն՝ իրավիճակը ներկայիս շատ անորոշ է, եւ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կրնայ ամբողջովին չկայանալ։ Ինչպէս կը նշէ հեռուստաալիքը՝ վկայակոչելով բարձրաստիճան իրանցի պաշտօնեայի մը, այս իրադրութիւնը պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու անհետեւողականութեամբ։
CNN-ի զրուցակիցը դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու նոր առաջարկը՝ յայտարարելով, թէ «առաջին հայեացքով այն կը գնահատուի որպէս անհետեւողական եւ հատուածական, շատ անիրատեսական եւ կը պարունակէ չափէն աւելի պահանջներ»։
«Այն փաստը, որ ամերիկացիները շարունակաբար կը փոխեն իրենց դիրքորոշումը, մինչեւ այժմ եղած է բանակցութիւններու յաջողութեան գլխաւոր արգելքը, եւ այժմ գործը աւելի կը դժուարանայ, քան երբեւէ», — աւելցուցած է պաշտօնեան։
Ան նաեւ նշած է, թէ նոր առաջարկը ուղղակիօրէն կը հակասէ նախորդ պայմանաւորուածութիւններուն։
«Բնագիրը յստակօրէն կը հակասէ բանակցութիւններու հինգերորդ փուլի ընթացքին ձեռք բերուած վերջին համաձայնութեան։ Իրանի դիրքորոշումը ուրանի հարստացման հարցով հաստատուն է ու անսասան», — նշած է պաշտօնեան։
Մինչ այդ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, թէ Իրանի հետ կնքուած համաձայնագիրը թոյլ չի տար ուրանի հարստացում։
«Մեր հնարաւոր համաձայնագրի համաձայն՝ մենք պիտի չթոյլատրենք ուրանի որեւէ հարստացում», — գրած է նախագահը Truth Social հարթակին վրայ։
Իրանն ու Միացեալ Նահանգները՝ Օմանի միջնորդութեամբ, Ապրիլ 12-էն ի վեր իրականացուցած են հինգ փուլով բանակցութիւններ՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ համաձայնութեան հասնելու նպատակով։ Մայիս 23-ին Հռոմի մէջ կայացած է վերջին փուլը, որու աւարտին կողմերը «համաձայնած են մօտ ապագային կրկին հանդիպիլ»։