image

Պէյրութի մէջ իր մահկանցուն կնքեց Տիգրան Փիլիպոսեանը

Պէյրութի մէջ իր մահկանցուն կնքեց  Տիգրան  Փիլիպոսեանը

  Պէյրութի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է  Տիգրան   Փիլիպոսեան:    Հանգուցեալը   ծնած էր   Հալէպ: Երկար  տարիներ ապրած էր  Պէյրութ եւ զբաղուած  վաճառականութեամբ:  Ան Լիբանանի   քաղաքացիական պատերազմի     սկիզբին ստիպուած կ'ըլլայ         Պէյրութէն  ընտանեօք հեռանալ եւ կայք հաստատել Հալէպի մէջ:     Տարբեր մակարդակի օժանդակութիւններ  կատարած է    օգնութեան  կարիք ունեցող         անհատներու եւ կարեւոր  ներդրում ունեցած, օգնելով   Հալէպի տարբեր բարեսիրական միութեանց:    Պուրսացի    ծնողներէ սերող   եւ յետ կարճատեւ  հիւանդութեան   մահացած   Փիլիպոսեան   85   տարեկան էր:   Հանգուցեալին թաղման եւ յուղարկաւորութեան  արարողութիւնը պիտի կատարուին   վաղը  երեքշաբթի   30 օգոստոսին  Պէյրութի Սուրբ Նշան    առաջնորդանիստ     եկեղեցւոյ մէջ: Այս  առթիւ  «Արեւելք»  իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ    հանգուցեալի  հարազատներուն եւ մասնաւորապէս,   անոր եղբորդորդի ՝Վաչէ Փիլիպոսեանին, այս տխուր   կորուստին առթիւ: