image

Արէն Տէյիրմենճեանը՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի Աջակցման հիմնադրամի խորհուրդի անդամ

Արէն Տէյիրմենճեանը՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի Աջակցման հիմնադրամի խորհուրդի անդամ

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը իր հրապարակած հաղորդագրութեամբ ողջունած է Արէն Տէյիրմենճեանի ընդգրկումը հիմնադրամի խորհուրդին մէջ՝ յոյս յայտնելով, որ անոր փորձառութիւնը պիտի նպաստէ նուագախումբի յառաջիկայ ծրագիրներու յաջողութեան եւ յաւելեալ բարգաւաճման։

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի Աջակցման հիմնադրամի խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած է Արէն ՏԷյիրմենճեանը, որ Հայաստանի մէջ  AMAA-ի  (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն) ներկայացուցիչն է։ Ան իր գործունէութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունի կրթական, ընկերային եւ համայնքային զարգացման ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ։

Տէյիրմենճեանի փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեռնարկատիրութեան ոլորտին մէջ իր գործունէութիւնը, կը նկատուին արժէքաւոր ներդրում՝ նուագախումբի զարգացման եւ անոր նախաձեռնութիւններուն զօրակցելու ուղղութեամբ։