image

Պետտուման ստեղծած է Ուքրանիոյ կենսաբանական տարրալուծարանները ուսումնասիրող յանձնաժողով

Պետտուման ստեղծած է Ուքրանիոյ կենսաբանական տարրալուծարանները ուսումնասիրող յանձնաժողով

Պետտուման Մարտ 22-ի լիագումար նիստին որոշում կայացուցած է ստեղծել յատուկ յանձնաժողով` Ուքրանիոյ մէջ կենսաբանական տարրալուծարաններու գործունէութիւնը հետաքննելու համար: 

Յանձնաժողովի կազմին մէջ պիտի ընդգրկուի 14 պատգամաւոր: Փաստաթուղթին տակ ստորագրած են խորհրդարանի Ստորին պալատի 450 պատգամաւորներէն 448-ը:

Աւելի վաղ յանձնաժողով առաջարկած էին ստեղծել Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւորները: Կուսակցութեան խօսնակ Ալեքսէյ Տիտենքոյի խօսքերով` անհրաժեշտ է ուշադիր հետաքննել Ուքրանիոյ մէջ ամերիկեան կենսաբանական տարրալուծարաններու գործունէութեան եւ նախկին ԽՍՀՄ-ի մէջ «Քովիտ»ի համաճարակի զարգացման հնարաւոր կապը:

Ան կը կարծէ, որ եթէ ապացուցուի ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ դերը «Քովիտ»ի տարածման գործին մէջ, ապա այդ կրնայ հիմք դառնալ այս երկիրներուն դէմ դատական հայցի ներկայացման համար:

Միւս կողմէ, Մարտ 22-ին, ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն առեւտուրի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ Ամերիկան երբեք չի զբաղած Եւրոպայի մէջ կենսաբանական զէնքի մշակմամբ: