Լիբանանահայ թատերական շրջանակը կը սգայ մահը թատերական գործիչ, կազմակերպող եւ թատերական տարբեր մակարդակի աշխատանքներ կատարած Պետիկ Չիֆթելեանի։
Կը նշուի, որ հանգուցեալը ծնած էր Պուրճ Համուտ 1951-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի «Աքսոր Գասարճեան վարժարան»ի յարկին տակ, որմէ ետք երկրորդական ուսումը կը ստանայ «Սոֆիա Յակոբեան վարժարան»ին մէջ։
Այդ փուլէն ետք Չիֆթելեան մասնագիտացած է հաշուապահական ոլորտին մէջ ու ժամանակ մը անց կը գործէ «Քրէտի Լիպանէ» դրամատան մէջ, որպէս հաշուապահ-աշխատակից։
Տարիներ անց Չիֆթելեան կը գործուղուի դէպի Պանքոք դառնալով այդ տարիներու Պանքոքի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Դոկտ. Վաչէ Նիւրբէթլեանի քարտուղարը, իսկ այդ փուլէն ետք կը գործէ Թայլանտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսարանին մէջ։
Եթէ Չիֆթելեանի կեանքի տարբեր փուլերը նկարագրել փորձենք, ապա պիտի նկատենք, որ անոր համար առանցքային եւ հիմնարար տեղ ունեցած է «Համազգային»ը, ու Պետիկ շնորհիւ այդ դարաւոր Մշակութային միութեան կարողացած է իր առաւելագոյնը տալ ու ծառայել հայ տիպ ու տառին, մշակոյթին ու արուեստին։
Չիֆթելեան մեծ նուիրումով գործած է թատերական կեանքին մէջ, դառնալով Լիբանանի հայկական բեմ ու թատրոնի անկեղծ եւ ճշմարիտ զինուորը։
Շնորհիւ իր նուիրական ոգիին, Պետիկ կարողացած է թատրոնն ու թատերականը կեանքը ընկալելի ու մանաւանդ սիրելի դարձնել նորահաս սերունդներուն։
Տեսակ մը «Տէրվիշ», որ ապրած է, լսած է, ընտելացած ու սորված է այն բոլոր մեծերէն, որոնք հպարտութեան առիթներ տուած են սփիւռքի հայ բեմերուն։ Ու անկէ անդին ալ տեսակ մը «թրուպատուր», որուն էութեան եւ անձին մէջ ալ միախառնուած եղած է պատերազմի թոհ ու բոհին, արեան ու ցաւին դէմ մաքառող Պուրճ Համուտ հայկական աւանը։
Քաղաք մը, որ հայութեան անցագիրն էր Լիբանանի մէջ, իսկ Պետիկ Չիֆթելեանը ապահովաբար այդ անցագրին մէջ վկայութիւն եւ նուիրում բերող պարզ ու համեստ զինուորեալը։
Շատեր անցած են Լիբանանի հայ գաղութէն, շատերու տուն ու տեղ տուած է Լիբանանը, շատեր Լիբանանի հայկական բեմերուն ու սրահներուն փայլ ու աւանդ տուած են, բայց քիչեր միայն տուած ու նուիրած են առանց ակնկալիքի...։
Այդ քիչերէն էր Պետիկ Չիֆթելեանը, իրական «Պուրճ Համուտցին», որ միշտ դրական կը խօսէր հայկական համայնքին մասին ու ամենակարեւորը տեսնել կու տար, սիրել ու յարգել կու տար գաղութի բարի գործերը, անոր մշակութային ոգին, նոր հասնողներուն եռանդը ու նաեւ հիներուն իմաստութիւնն ու մեծ փորձը։
Պետիկ Չիֆթելեանի անունը փորագրուած պիտի մնայ բոլոր անոնց հոգիներուն մէջ, որոնք ճանչցան զինք, գործեցին իր հետ ու ամենակարեւորը անոր ընդմէջէն սիրեցին յետ եղեռնեան ժամանակներուն ստեղծուած հայկական վաւերական օճախ՝ Պուրճ Համուտը։
Հոգին լոյսերու մէջ թող ըլլայ՝ Պետիկ Չիֆթելեանին։
Պետիկ Չիֆթելեանի լուսանկարը առնուած է «Էջ հարթակ»ի «Պուրճ Համուտ» ֆիլմերու շարքէն։ Իսկ ֆիլմը բեմադրած է՝ Հրայր Գալեմքէրեան։ Յղում
https://www.facebook.com/etch.platform