ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան փոխ-խօսնակ Վետանդ Պաթըլը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է նախօրէին հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կատարած սադրանքներուն:
Ան ըսած է, թէ այս բռնութիւնները կը խանգարեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան գործընթացը:
«Մենք երկու երկիրներու ղեկավարներուն կոչ կ՚ընենք, որ երբ անոնք հանդիպին Պրիւքսէլի մէջ, համաձայնին իրենց զօրքերը ետ քաշելու սահմանի երկայնքով, ինչպէս, որ քննարկուած էր պետական քարտուղար Պլինքընի կողմէ, Ուաշինկթոնի մէջ, Մայիսի սկիզբին մեր հիւրընկալած բանակցութիւններուն ժամանակ», - ըսած է փոխ խօսնակը։