image

Պելկորոտի ուղղափառ եկեղեցին թիրախ՝ Ուքրանիոյ հարուածներուն

Պելկորոտի ուղղափառ եկեղեցին թիրախ՝ Ուքրանիոյ հարուածներուն

Ռուսիոյ Պելկորոտի մարզի նահանգապետ Վեաչեսլաւ Կլատքով յայտնած է, որ երեք բնակավայր յարձակման ենթարկուած է ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ։ Անոր խօսքով՝ Պորիսովի շրջանի Կրուզսքոյէ գիւղին մէջ անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է Սուրբ Նիքոլայ եկեղեցին։

Պայթումի հետեւանքով հրդեհ առած է տաճարի գմբեթը, հրդեհն արդէն մարուած է։

Կլատքով աւելցուցած է, որ Շեպեքինօ քաղաքին մէջ յարձակում տեղի ունեցած է առեւտրային ձեռնարկութեան վրայ, մէկ առանձնատան տանիքը վնասուած է, ապակիները՝ կոտրուած։

«Ռժեւքա գիւղին մէջ անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է ձեռնարկութեան տարածքը. երկու մեքենայ վնասուած է, եւս մէկ մեքենայ ամբողջութեամբ այրած է»,- գրած է նահանգապետը թելեկրամեան ալիքով։

Զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։

Մինչդեռ ռուսական զօրքերը յարձակած են Խարքովի մարզի վրայ, վիրաւորուած է 14 մարդ։ Այս մասին թելեկրամեան ալիքով յայտնած է Խարքովի ռազմատարածքային վարչակազմի նախագահ Օլեկ Սինեկուպով, յայտնած է Censor.NET-ը։

Անոր խօսքով՝ հարուած հասցուած է Խարքովի օդային հիմնարկին, որու հետեւանքով շէնքը զգալի վնասներ կրած է: Վնասուած են սենեակներու եւ միջանցքներու առաստաղները, կոտրուած են ապակիներն ու դռները:

Հաղորդուած է նաեւ, որ Ռուսիա հարուածած է Քուփեանսքը, ուր 2 կին զոհուած է ռուսական յարձակումներէն։