image
Հրատապ լուրեր:

Պայտըն պիտի այցելէ Ռիատ. Օրակարգը նաւթի հարցերն են

Պայտըն պիտի այցելէ Ռիատ. Օրակարգը նաւթի հարցերն են

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը, որ թեկնածու եղած ժամանակ երդուած էր Սէուտական Արաբիան «մեկուսացնել»` ի պատասխան նշանաւոր այլախոհի սպանութեան, որոշած է Յունիսին այցելել Ռիատ` վերականգնելու յարաբերութիւնները նաւթով հարուստ թագաւորութեան հետ, որպէսզի փորձէ նուազեցնել պենզինի գիները եւ մեկուսացնել Ռուսիան:

Պայտըն կը նախատեսէ այցը ներառել Եւրոպա եւ Իսրայէլ նախապէս ծրագրուած ուղեւորութեան մէջ, ըսած են վարչակազմի պաշտօնեաները: Ռիատ իր այցի ընթացքին նախագահը պիտի հանդիպի թագաժառանգ արքայազն Մոհամմատ Պըն Սալմանի հետ, որ պատասխանատու կը համարուի Washington Post-ի սիւնակագիր Ճամալ Խաշոքճիի սպանութեան համար:

Պայտընը պիտի հանդիպի նաեւ արաբական այլ երկիրներու, այդ շարքին` Եգիպտոսի, Յորդանանի, Իրաքի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու առաջնորդներուն հետ:

Արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտներու կարծիքով` այցը ռէալփոլիթիքի յաղթանակ է բարոյական վրդովմունքի նկատմամբ: Ուքրանական պատերազմէն յետոյ Պայտընը անհրաժեշտ կը համարէ ներգրաւել ուժանիւթի աղբիւրներու միւս արտադրողները` ռուսական նաւթը փոխարինելու եւ համաշխարհային շուկաները կայունացնելու համար:

Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած «ՕՓԵՔ+»-ը Հինգշաբթի օր յայտարարած է, որ Յուլիսին եւ Օգոստոսին քիչ մը պիտի աւելցնէ արդիւնահանումը: ԱՄՆ պաշտօնեաները կ'ակնկալեն, որ խումբ աշնանը աւելին կ'ընէ, բայց այդ կրնայ բաւարար չըլլալ Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութիւններէն առաջ ամերիկեան պենզինի կայարաններուն մէջ գիները իջեցնելու համար: