image

Պայտըն Նաթանիահուէն Կազայի մէջ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան յստակ քայլեր պահանջած է

Պայտըն Նաթանիահուէն Կազայի մէջ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան յստակ քայլեր պահանջած է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հեռախօսազրոյց ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ:

Հաղորդագրութիւններու համաձայն՝ Պայտըն զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ պատերազմին Միացեալ Նահանգներու հետագայ աջակցութիւնը Իսրայէլին կախեալ պիտի ըլլայ քաղաքացիական անձերը եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու աշխատակիցները պաշտպանելու նպատակով Իսրայէլի ձեռնարկելիք քայլերէն։

Սպիտակ տան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Պայտըն «յստակեցուցած է, որ Իսրայէլը պէտք է յայտարարէ եւ իրականացնէ յատուկ, յստակ եւ չափելի միջոցառումներ» այդ ուղղութեամբ:

Հեռախօսազրոյցէն ետք Իսրայէլը յայտարարած է, թէ պիտի շտկէ պատերազմին մէջ իր մարտավարութիւնը: