ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն Ֆրանսայի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի հետ քննարկած Է Ուքրանիոյ շուրջ իրադրութիւնը:
Պայտըն Մաքրոնի հետ խօսած է Ուքրանիոյ սահմանին ռուսական զօրքերու շարունակուող աւելացման առիթով: Երկու ղեկավարները հաստատած են աջակցութիւնը Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, քննարկած են դիւանագիտական շփումները եւ Ռուսաստանի համար «արագ ու խիստ տնտեսական ծախսերու» պատրաստումը Ուքրանիոյ շուրջ իրադրութեան վատթարացման պարագային:
Նախագահ Պայտըն եւ նախագահ Մաքրոն պայմանաւորուած են, որ իրենք պիտի մնան սերտ շփման մէջ, այդ շարքին` ՆԱԹՕ-ի հարցով դաշնակիցներու եւ Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն հետ համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ: