«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած խոշոր պայթումէն 10 օր անց այսօր՝ 23 օգոստոսին, բացուած է առեւտուրի կեդրոնին յարակից «Փեթակ»ը։ Այս մասին հաղորդած է NEWS.am-ի թղթակիցը։
Յիշեցնենք, որ «Փեթակ» առեւտուրի կեդրոնի առեւտրականները երէկուընէ պահանջած էին բանալ առեւտուրի կեդրոնը, պնդելով, որ 1 սեպտեմբերին ընդառաջ տնտեսվարողները մեծ վնասներ կրած են։ Աւելին՝ անոնց չէր ներկայացուած հիմնաւոր պատճառ, թէ ինչու «Փեթակ» առեւտուրի կեդրոնը փակ կը պահուի։
Նշենք, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթումի հետեւանքով կայ 16 զոհ, կ'որոնուի մէկ անյայտ կորսուած քաղաքացի։