Արդի արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ կարեւոր բարձունքներ նուաճած, Սինոփսիս Արմենիայի նախագահ՝ Դոկտ. Երուանդ Զօրեան, Ռումինիոյ Քլուժ Նափոքա Թեքնիքական համալսարանի (UTCN) կողմէ ստացած է պատուաւոր դոկտորի կոչում։
«Արեւելք» այս մասին իրազեկ դարձաւ Սինոփսիս Արմենիայի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր նշուած է՝
«Կը շնորհաւորենք Սինոփսիսի գործընկերոջ եւ Սինոփսիս Արմենիայի նախագահ, դոկտոր Երուանդ Զօրեանին՝ Քլուժ Նափոքա Թեքնիքական համալսարանի (UTCN) կողմէ ստացած պատուաւոր դոկտորի կոչման համար: Քլուժ Նափոքա Թեքնիքական համալսարանի լրատուական թողարկման մէջ նշուած է, որ համալսարանը պատիւը ունեցած է պատուաւոր դոկտորի կոչում շնորհելու դոկտոր Երուանդ Զօրեանին, որ համարկեալ պարունակի (integrated circuits) ծրագրաւորման ոլորտի մէջ, համաշխարհային ճանաչում ունեցող լաւագոյն մասնագէտներէն մէկն է։ Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 Մայիս 2024-ին, «Aula HUB UTCN»-ի մէջ, համալսարանի բարձրաստիճան ղեկավարութեան եւ պատուաւոր հիւրերու ներկայութեամբ»։Դոկ. Երուանդ Զօրեանը Սինոփսիս ընկերութեան գլխաւոր ճարտարագէտն է, որ 4 միլիառ տոլարէ աւելի արժող արհեստագիտութեան ընկերութիւն մըն է Սիլիքոն Վալիի մէջ։ Ան նաեւ Հայաստանի Սինոփսիսի նախագահն է։ Դոկտոր Երուանդ Զօրեան նախագահն է նաեւ ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վալիի մասնաճիւղին։ Ան հիմնադիրն է նաեւ ՀԲԸՄ-ի հովանիով գործող «Հայկական Առցանց Համալսարան»ին (AVC)։
Յաջողութիւն եւ երկար առաքելութեան օրեր կը մաղթենք ազգանուէր հայ մարդուն եւ գործիչին՝ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին։