image

Երուանդ Զօրեան՝ հայկական գիտական միտքի ձայնը համաշխարհային կիսահաղորդիչներու բեմին

Երուանդ Զօրեան՝ հայկական գիտական միտքի ձայնը համաշխարհային կիսահաղորդիչներու բեմին

Համաշխարհային կիսահաղորդիչներու ոլորտին մէջ իր ներդրումով ճանչցուած հայազգի մասնագէտներէն Դոկտ. Երուանդ Զօրեան կը շարունակէ ներկայացնել իր փորձառութիւնն ու տեսլականը՝ արհեստագիտութեան զարգացման  առընթեր մասնակցութիւն բերող նորահաս սերունդներուն։

 Զօրեան, որ միժամանակ «Synopsys Armenia»-ի նախագահն եւ «Synopsys»-ի գլխաւոր  թէքնիք պատասխանատու (CTO) ու գիտական առաջատար (Fellow) օրերս մասնակցած է «International Test Conference (ITC) India 2026»-ին, ուր ներկայացուցած է կիսահաղորդիչներու ապագային վերաբերող իր պատկերացումները։

 Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝ 


Իր հիմնական զեկուցման՝ «Chiplet-ներու եւ 3DIC համակարգերու նախագծում՝ որակի եւ հուսալիութեան համար» խորագրով, Դոկտ. Զօրեան անդրադարձած է նորարարական կիսահաղորդչային ճարտարապետութիւններու ընձեռած կարելիութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Ան ընդգծած է, որ chiplet-ներու վրայ հիմնուած համակարգերու եւ եռաչափ լուծումներու զարգացման ընթացքին առանցքային նշանակութիւն ունին որակը, հուսալիութիւնը եւ փորձարկելիութիւնը։

Այսօր, երբ տարբեր բաղադրիչներու համակցումը եւ առաջադէմ փաթեթաւորման մեթոտները կը վերափոխեն կիսահաղորդիչներու արդիւնաբերութիւնը, միջազգային համագործակցութիւնն ու մասնագիտական գիտելիքի փոխանակումը կը դառնան վճռորոշ՝ ապագայի խելացի սիլիցիումային համակարգերը ձեւաւորելու համար։

Դոկտ. Երվանդ Զօրեանի սոյն մասնակցութիւնը եւս մէկ անգամ կը հաստատէ հայ մասնագէտներու կարեւոր ներկայութիւնը համաշխարհային բարձր տեխնոլոգիաներու ոլորտին մէջ։