image

Պատրիարքական մեծաշուք այցելութեան լոյսին ներքոյ .Գերյ. Տէր Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեան Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կառավարիչի պաշտօնին նշանակուեցաւ

Պատրիարքական մեծաշուք այցելութեան լոյսին ներքոյ .Գերյ. Տէր Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեան Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կառավարիչի պաշտօնին նշանակուեցաւ

 Քրիստոնէական հաւատքով լեցուն օրեր ապրեցաւ Պոլսոյ հայութիւնը եւ յատկապէս Պոլսոյ հայ կաթողիկէ շրջանակները։ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հոգեւոր Տէրը՝ Արհիապատիւ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան, իր հովուական առջին այցելութիւնը տուաւ Իսթանպուլ, ուր տեղի ունեցան կրօնական արարողութիւններ, եւ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն այցելութիւններ։

Հոգեւոր հօր այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ամիսներ առաջ Հայ Կաթողիկէ Կղերին կողմէ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց նոր կառավարիչ Գերպ. Տէր Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեանի հաստատումը այդ պաշտօնին։

Ստորեւ «Արեւելք» ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Հոգեւոր Տիրոջ Պոլիս այցելութեան հիմնական  հանգրուանները։

  3 Յունուար, 2025-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր շքախումբով Պէյրութէն Իսթանպուլ կը ժամանէ երեկոյեան ժամը 5:00-ին: Տեղին է յիշել թէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ հոգեւոր Տէրը հովուապետական իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տայ Պոլիս քաղաքին, ուր ժամանակ մը Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ գահակալները հաստատուած էին: Այս քաղաքին մէջ մեծ գուրգուրանքով պահուած է նաեւ երանելի նահատակ Տէր Կոմիտաս քահանայ Քյոմուրճեանի աճիւնները:

    Իսթանպուլի օդակայանին մէջ Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ եւ իրեն ընկերակցող շքախումբի անդամներուն ընդունած են Պոլոյ աւագ թեմի Առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Վարդան  Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Արհիապատիւ Հայր Լեւոն Արք. Զէքիեան, ինչպէս նաեւ թաղական մարմինը: Ապա Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէրը եւ բարձրաստիճան հիւրերը ուղղուեցան Պոլսոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցին, ուր հոգեւոր տէրը արժանացաւ պաշտօնական ջերմ ընդունելութեան՝ տեղի Հայ Կաթողիկէ համայնքին կողմէ։ Եկեղեցիին մէջ աղօթք բարձրացնելէ ետք  Գերապայծառ Տէր Վարդան բարի գալուստի խօսք ուղղեց Պատրիարք Հօր, շեշտելով որ Պոլսոյ աւագ թեմը պատրիարքներուն տունն է: Գերերջանիկ հոգեւոր Տէրն ալ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառ հայրերուն՝ Հայր Վարդան Գազանճեանին եւ Հայր Լեւոն Զէքիեանին, թաղական մարմնին, հոգաբարձուներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին այս ջերմ ընդունելութեան համար, ապա եկեղեցւոյ կից դահլիճին մէջ ժողովուրդը Հոգեւոր Տիրոջ բարի գալուստ մաղթեց:

    Շաբաթ՝ 4 Յունուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Հայրապետը, հոգեւորական դասու, Գերապայծառ Տէր Վարդան  Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, Արհիապատիւ Հայր Լեւոն Զէքիեանի, ինչպէս նաեւ բոլոր հիւրերու եւ թաղականներու ընկերակցութեամբ, ուղղուեցաւ Գում Գաբուի Պատրիարքարան եւ այցելեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին: Հայ Կաթողիկէ Հայրապետը շրջապատուած բարձրաստիճան հոգեւորականներով հրաշափառոյ մուտք գործեց Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ տաճառ, ուր հովուապետները բարձրացան խորան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կանոնական հրաշափառի աղօթք, որուն յաջորդեց ճաշու ժամերգութիւնը, հուսկ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Մաշալեան Պատրիարքը իր ուրախութիւնը յայտնելով Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Գերերջանիկ եւ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին այցելութեան առթիւ: Ապա Պատրիարք հայրերը թափօրով ուղղուեցան դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ նուէրներու փոխանակում: Տեղին է յիշել, որ Սահակ Պատրիարք բարձր գնահատեց Գերապայծառ Տէր Վարդանի տարիներու աշխատանքը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հոգեւոր Տէրը եւ Հայ Կաթողիկէ Սինոտոսը ընտրած էին Գերապայծառ Տէր Վարդան  Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանը որպէս Պատրիարքական Կառավարիչ, որովհետեւ, իր վկայութեամբ, ան ամենայարմար անձն էր: Գերապայծառ Տէր Վարդան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց, նաեւ Հայր Լեւոն Զէքիեան  խօսք մը արտասանեց: 

    Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 05:00-ին Հայրապետական Սուրբ եւ անմահ պատարագ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Պոլսոյ բոլոր համայնքապետներուն, ինչպէս՝ Գերշ. Տէր Սահակ Բ. Պատրիարքի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորական դասուն, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքի ներկայացուցիչ Մեթրոփոլիթ Աթենակորասի, Թուրքիոյ Վատիկանի աւագ դեսպան Տէր Նարեկ Սորքէնսքիի, Պոլսոյ Լատին թեմի առաջնորդ արհիապատիւ Տէր մասթիմիլիանօ Բարինուրոյի, Իզմիրի Լատին առաջնորդ Տէր Մարթին Քրեմեթէքի, Ասորի Կաթողիկէ Եպիսկիպիս Տէր Օրհան Չանրիի, Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, Քաղթիացի կաթողիկէ եպիսկոպոս Տէր Սապրիանարի եւ վաստակաւոր եպիսկոպոս Տէր Ռեմզի Կարմուի, Ասորի Ուղղափառ եպիսկոպոս Տէր Եուսուֆ Չէթինի, Ղըպտի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ հոգեւարականներու, վերապատուելի Գրիգոր Աղապուլողուի, Հայ կաթողիկէ առաջնորադական մարմնի, հոգաբարձութեան անդմաներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ 

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, յընթացս հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագին, իր պատգամը ուղղեց Պոլսահայ համայնքին, բնաբան ունենալով՝ «փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»։ Ապա Գերապայծառ Տէր Վարդան  Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանը հաստատեց Պոլսոյ Աւագ Թեմի Պատրիարքական Կառավարիչի պաշտօնին, անոր շնորհելով պաշտօնին առընչուող ծիսական խորհրդանշանները՝ հովուական գաւազանը, խոյրը, լանջախաչը եւ մատանին:  Գերապայծառ Տէր Վարդան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ եւ սինոտոսի հայրերուն, որ զինք ընտրած էին որպէս պատրիարքական կառավարիչ Պոլսոյ Աւագ թեմի պատմական աթոռին: Պատարագի աւարտին բոլորը ուղղուեցան եկեղեցւոյ դահլիճ, ուր հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւններ տեղի ունեացան՝ տօնական մթնոլորտի մէջ։

    Կիրակի՝ 5 Յունուարի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ անմահ պատարագ տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոսին, պատարագիչն էր  Առաջնորդ Գերապայծառ Տէրը, ներկայ էր նաեւ նախկին առաջնորդ Հայր Լեւոն Զէքիեան եւ հոգեւորական դասը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Պատարագի իր քարոզին մէջ Գերապայծառ Տէր Վարդան Աստուծոյ գոհունակութիւն յայտնեց որ երկար տարիներ ծառայելէ ետք Պոլսոյ աւագ թեմին այժմ կը ստանձնէ կառավարիչի պաշտօնը, զոր Աստուծոյ օգնութեամբ եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ պիտի կարենայ գլուխ հանել, ինչպէս նաեւ բոլոր հաւատացեալներուն, թաղականներուն եւ հոգաբարձութեան գործակցութեամբ: Ան նաեւ շեշտեց որ այս հովուական այցելութիւնը պատմական այցելութիւն մըն է, յուսալով որ ան վերջինը չըլլար: Հոգեւոր Տէրն ալ հաստատեց որ ան կրկին պիտի այցելէ Պոլիս: Պատարագի աւարտին հոգեւորական դասը թափօրով ուղղուեցաւ առաջնորդարանի դահլիճը ուր հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, եւ ժողովուրդը շնորհաւորեց  Գերապայծառ Տէր Վարդան  Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանը: