image

Պատրաստ ենք հանդիպիլ Ատրպէյճանի ներկայացուցչիներու հետ. Արցախի Պետական Նախարար

Պատրաստ ենք հանդիպիլ Ատրպէյճանի ներկայացուցչիներու հետ. Արցախի Պետական Նախարար

Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջէն ուղղակի կատարած յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ Ստեփանակերտ կը դիմէ ռուսական կողմին՝ Պաքուի հետ չէզոք, ապահով վայրի մը մէջ հանդիպում կազմակերպելու առաջարկով:

«Կարծում եմ, որ պէտք է դիմել Ռուսաստանի Դաշնութեանը, իրավիճակով հետաքրքրուող բոլոր դերակատարներին ստեղծուած իրավիճակի, անվտանգային խնդիրների, Արցախում ստեղծուած հումանիտար (մարդասիրական) աղէտալի վիճակի շուրջ Ադրբեջանի հետ հանդիպում կազմակերպելու առաջարկ պահանջով», գրած է ան։

Ըստ Ներսիսեանի` որովհետեւ ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել Ատրպէյճանի տարածքին մէջ արցախցիներու ֆիզիքական ապահովութիւնը, այդ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ ռուսական խաղաղապահ ուժերու տեղակայման վայրին կամ որեւէ այլ ապահով վայրի մը մէջ` երրորդ կողմի մը մասնակցութեամբ, «որի միջոցով պէտք է ապահովուի քննարկման կառուցողականութիւնը եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների անխախտելիութիւնը»:

Ներսիսեան կը յիշեցնէ, որ նախապէս եւս եղած են տարբեր հանդիպումներ եւ համաձայնութիւններ, սակայն, անոնք երբեք չեն պահպանուած:

«Միջազգային մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ մեր խօսքը լսելի դարձնելու համար, որովհետեւ այն, ինչ կարող է ներկայացուել մեր կողմից, ցաւօք, որեւէ մէկ ուրիշը չի ներկայացնում, իսկ հնարաւոր չէ որեւէ յաջողութեան հասնել, եթէ մեր խօսքը ոչ մէկի համար լսելի չէ: Ես համոզուած եմ, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կարող է եւ ունակ է կազմակերպել ստեղծուած իրավիճակի քննարկման նպատակ հետապնդող հանդիպում. պէտք է կանգ առնել եւ յստակ հասկանալ, թէ ուր ենք գնում եւ ինչ ճանապարհով, ում օրակարգով եւ ինչպէս` այդ ընթացքում առաջ քաշելով նաեւ սեփական օրակարգը: Այդ հանդիպման արդիւնքները պէտք է ներկայացուեն հանրութեանը, եւ դրանից յետոյ ընդունուեն համապատասխան որոշումներ», ըսաւ Ներսիսեան։

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ  Ատրպէյճանի պահանջները անվերջ պիտի ըլլան, այնքան ատեն որ չէ իրականացուցած իր ծրագիրը` Արցախի ժողովուրդը ցեղասպանելու ճամբով ղարաբաղեան հարցի լուծումը:

Անդրադառնալով 12 Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ մարդասիրական ահագնացող վիճակներուն՝ ան գրած է հետեւեալը. «Աւելի քան երկու ամիս այդ վիճակում արցախցիներին պահելուց յետոյ Ադրբեջանը նոր պահանջներ դրեց` Աղդամ-Ասկերան ճանապարհի գործարկում, Ադրբեջանի տարածքում հանդիպում Ղարաբաղում էթնիկ հայերի ներկայացուցիչների հետ: Այս պահանջները լինելու են անվերջ, քանի դեռ ադրբեջանական ծրագիրը` Արցախի ժողովրդին ցեղասպանելու, Արցախը հայաթափելու ճանապարհով ղարաբաղեան խնդրի վերջնական լուծումը, չի հասցուել աւարտին: Հետեւաբար` դատարկ են այն պնդումները, որ Ադրբեջանի պահանջներին ի պատասխան զիջումների գնալը կարող է հնարաւորութիւն տալ շունչ քաշելու, նոր ուժեր հաւաքելու, դրանք անհիմն պատրանքներ են: Աւելին` դրանք աւելի են խորացնելու ու բարդացնելու մեր վիճակը»։

Ներսիսեան անհրաժեշտ կը նկատէ ընդունիլ այն իրողութիւնը, որ միջազգային հանրութիւնը, որուն մէջ Արցախի տարածքին խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ուժերը, Արցախի մէջ չեն կրնար բաւարար ապահովութիւն հաստատել եւ ստեղծել պայմաններ՝ մարդկային պարզ կենսագործունէութեան համար, եւ լռութեամբ կը պաշտպանեն կամ կը խրախուսեն Ատրպէյճանի այն օրակարգը, որ պիտի աւարտի ցեղասպանութեամբ: