image

Պատմութեան վերաշարադրումը չի կրնար հարուածի տակ դնել Հայ-Ռուսական դարաւոր յարաբերութիւնները. Ռուսաց դեսպան

Պատմութեան վերաշարադրումը  չի կրնար հարուածի տակ դնել Հայ-Ռուսական դարաւոր յարաբերութիւնները. Ռուսաց  դեսպան

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դարաւոր յարաբերութիւնները չեն չեղարկեր պատմութիւնը վերաշարադրելու ոչ մէկ փորձ։ Այդ մասին յայտարարած է Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին Օշականի հերոսներու յուշարձանի մօտ՝ Օշականի ճակատամարտի 197-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառման ժամանակ։ 

Միջոցառումը կազմակերպուած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան կողմէ Երեւանի Ռուսական տան եւ Արմաւիրի մարզպետարանի հետ համատեղ, ի յիշատակ Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածինը պաշտպանած ռուս զինուորներու եւ հայ կամաւորներուն։

«Ռուսիա անկեղծօրէն կը գնահատէ Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը։ Մեր եղբայրական ժողովուրդները կը կապեն բազմադարեայ մշակութային–քաղաքակրթական կապերն ու հոգեւոր մտերմութիւնը: Պատմութիւնը վերաշարադրելու ոչ մէկ փորձ կը չեղարկէ այս փաստը։ Չնայած, որ 8-րդ դասարանի Հայոց պատմութեան նոր դասագիրքէն հանուած է Օշականի ճակատամարտի մասին պարբերութիւնը, մենք ձեզի հետ միշտ պիտի յիշենք եւ մեծարենք այդ յիշարժան օրերու հերոսները», - ըսած է Սերգէյ Քոփիրքին։

Անոր խօսքով՝  1827 թուականի 17 օգոստոսին յաւերժ գրուած է երկու ժողովուրդներու հերոսական տարեգրութիւնը։

«Բոլոր զոհերով եւ կորուստներով հանդերձ, մեր պաշտպանները արժանապատուօրէն դիմացան ժամանակի փորձութեան եւ ապացուցեցին, որ միասնական նպատակով համախմբուած, անոնք հզօր ուժ են եւ կրնան դիմակայել եւ յաղթել ցանկացած պարագային»,-ըսած է դեսպանը:

«Անոնց օրինակով երիտասարդները կը սորվին այնպիսի որակներ, ինչպիսիք են հայրենասիրութիւնը, ազգային եւ մարդկային արժէքները պաշտպանելու պատրաստակամութիւնը։ Յատկապէս հաճելի է այսօր այստեղ տեսնել երիտասարդներ, ոորոնք կը գիտակցին իրենց նախնիներու անմահ սխրանքի յիշատակը վառ պահելու պատասխանատուութիւնը», - ըսած է Քոփիրքին՝ ընդգծելով, որ հայոց հողի քաջարի պաշտպաններու փառքը յաւերժ կ'ապրի սերունդներու յիշողութեան մէջ՝ որպէս իսկական արիութեան եւ հերոսութեան ամենավառ նմոյշ: