image

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ողիմպիական խաղերու բացումը եղած է մարզադաշտէն դուրս՝ Սեն գետի երկայնքով

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ողիմպիական խաղերու բացումը եղած է մարզադաշտէն դուրս՝ Սեն գետի երկայնքով

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ մեկնարկած է քառամեակի գլխաւոր մարզական իրադարձութիւնը՝ ամառնային 33-րդ Ողիմպիական խաղերը: ԿԳՄՍՆ-էն յայտնած են, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ խաղերու բացումը կայացած է մարզադաշտէն դուրս՝ Սեն գետի երկայնքով. խումբերը 85 նաւակներով անցած են 6 քմ տարածութիւնն ու ողջունած հանդիսականները` աւելի ուշ միաւորուելով Թրոքատերօ հրապարակին մէջ:

Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութեան դրօշակակիրները եղած են բռնցքամարտիկ Դաւիթ Չալոյեանն ու լողորդ Վարսենիկ Մանուչարեանը: Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան 206 ողիմպիական խումբերու 10,500 մարզիկներ։

Հայաստանը Փարիզի 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն պիտի ունենայ 15 ներկայացուցիչ`հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեանը, մարմնամարզիկներ Արթուր Դաւթեանը, Վահագն Դաւթեանը, ըմբիշներ Սլավիկ Գալստեանը, Մալխաս Ամոյեանը, Արթուր Ալեքսանեանը, Արսէն Յարութիւնեանը, Վազգէն Թեւանեանը, ծանրորդներ Անդրանիկ Կարապետեանը, Գարիկ Կարապետեանը, Վարազդատ Լալայեանը, բռնցքամարտիկ Դաւիթ Չալոյեանը, լողորդներ Արթուր Բարսեղեանը եւ Վարսենիկ Մանուչարեանը, աթլեթ Երուանդ Մկրտչեանը:

Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչները Փարզ-2024-ին պայքարը պիտի սկսին այսօր՝ յուլիս 27-ին: Որակաւորման փուլերուն հանդէս պիտի գան մարմնամարզիկներ Արթուր Դաւթեանն ու Վահագն Դաւթեանը, լողորդ Վարսենիկ Մանուչարեանն ու հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեանը:

Նշենք նաեւ՝ Էլմիրա Կարապետեանը դարձած է Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը պատմութեան մէջ, որ մասնակցած է ողիմպիական ջահի փոխանցումավազքին: