Նախեւառաջ քննարկեցինք ԱԺ-ի մէջ մեր գալիք աշխատանքը, նաեւ կառավարութեան հետ մեր համագործակցութիւնը. Որոշում կայացուած է, որ քննիչ յանձնաժողով ստեղծուի 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ: Այս մասին, 26 Յուլիսին, ՔՊ-ի գրասենեակին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ նորընտիր ԱԺ ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւորներու հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ալեն Սիմոնեանը:
«Այդ հարցում կարծում ենք, նաեւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան մասնակցութիւնը նոյնպէս պէտք է լինի: Այդ յանձնաժողովի գործունէութիւնը չպէտք է սահմանափակուի ԱԺ-ում ներկայացուած կուսակցութիւններով: Շատ կարեւոր է փորձենք հասկանալ, թէ ինչ օրէնսդրական լուծումներ ենք տալիս, որ ներառուած լինեն ոչ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները: Շատ մանրամասներ չենք քննարկել: Բոլոր արտախորհրդարանական կուսակցութիւնների մասին է խօսքը: Կարող էք հիմնական յաւակնորդներ համարել այն ձեւաչափը, որը վարչապետի կողմից ստեղծուել է»,-ըսած է ան:
Դիտարկման, որ ընդդիմութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ 44-օրեայ պատերազմին վերաբերող յանձնաժողովը, որ պիտի ստեղծէ այս իշխանութիւնը, չի կրնար առարկայական քննութիւն կայացնել, Ալեն Սիմոնեանն արձագանգած է. «Առարկայականութեան եւ ընդդիմութեան գնահատականների վերաբերեալ գնահատականները բոլոր ընտրութիւններից առաջ հնչեցրած գնահատականներ են: ՀՀ ժողովուրդը այդ բոլոր հարցերի պատասխանը ամսի 20-ին տուեց: ՀՀ ժողովրդի որոշումը քննարկել այլեւս ոչ մէկը չի համարձակուի»: