image
Հրատապ լուրեր:

Պաշտպանութեան նախարարը Եռաբլուր այցելեց

Պաշտպանութեան նախարարը Եռաբլուր այցելեց
13 Օգոստոսին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանն այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն։ Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած զինծառայողներու ծնողներու եւ հարազատներու հետ, քննարկած է գերեզմաններու կառուցապատման աշխատանքներու  վերաբերեալ շարք մը հարցեր։
 
Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
 
Արշակ Կարապետեանը նշած է, որ պիտի կատարուի ամէն ինչ՝ աշխատանքները պատշաճ որակով իրականացնելու համար, բնականաբար՝ հաշուի առնելով ծնողներու եւ հարազատներու ցանկութիւններն ու նկատառումները։