Հայաստանի քննչական կոմիտէն յայտնեց, որ պարզուեցան 44օրեայ պատերազմին ընթացքին «Արեգա» բարձունքին եւ Շուշի քաղաքին կորուստի հանգամանքները. բարձրասիտճան սպային վերաբերեալ գործը ուղարկուեցաւ դատարան։
Քննչական կոմիտէն մանրամասնեց, որ քննութեամբ հիմնաւորուած է, թէ 44օրեայ պատերազմի առաջին օրերուն` 28 Սեպտեմբեր 2020ին, ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հրամանատարական դիտակէտ հանդիսացող «Արեգա» բարձունքը անցաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ:
29 Սեպտեմբերին`առաւօտեան ժամը 7ի շուրջ, ըստ հաղորդագրութեան, իւրային ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուեցաւ հակագրոհի, որուն իբրեւ արդիւնք նոյն օրը` ժամը 9:50ին զոհեր եւ վիրաւորներ տալու գնով, կարելի դարձաւ վերահսկողութեան տակ վերցնել «Արեգա» բարձունքը:
Քննչական կոմիտէն կը հաղորդէ, որ նոյն օրը` երեկոյեան ժամը 4ի շուրջ, բարձրաստիճան սպան «Արեգա» բարձունքի միջնամասին մէջ հանդիպում ունեցաւ հակագրոհի գործողութիւնը ղեկավարած զօրամասի հրամանատարի փոխանորդներուն, գործողութեան մէջ ներգրաւուած ստորաբաժանումի ղեկավարին հետ եւ տեղեկացաւ իրադրութեան մասին, որ «Արեգա» բարձունքը, յարակից մարտական դիրքերը, հակառակորդի թիկունքային ապահովման ճանապարհը կը գտնուին իւրային ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան տակ: Ապա վերջինս, չունենալով իր վերադասին կողմէ նշուած վայրը այցելելու եւ հոն որեւէ մարտական առաջադրանք կատարելու վերաբերեալ հրաման, ինչպէս նաեւ զանոնք իրականացնելու լիազօրութիւն, օժտուած չըլլալով հակագրոհի գործողութեան մէջ ընդգրկուած ստորաբաժանումներու անձնակազմին հրամաններ տալու լիազօրութեամբ, գործողութիւնը փաստացիօրէն ղեկավարող սպային անհիմն հրամայեց ենթակայ անձնակազմին հետ միասին հեռանալ ազատագրուած «Արեգա» բարձունքէն եւ նահանջել:
Զօրամասի հրամանատարը, ըստ Քննչական կոմիտէին, ենթակայ անձնակազմին յանձնարարեց կատարել բարձրաստիճան սպային հրամանը եւ նահանջել ազատագրուած բարձունքէն, որուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդը առանց դիմադրութեան յառաջացաւ եւ նոյն օրը`գիշերուան ժամը 11ի դրութեամբ, վերահսկողութեան տակ առաւ բարձունքը, յարակից մարտական դիրքերը` զբաղեցնելով գերիշխող դիրք:
Իրաւապահ մարմինը մանրամասնութիւններ կը յայտնէ նաեւ Շուշի քաղաքի գրաւման մասին, մասնաւորապէս նշելով` քննութեամբ հիմնաւորուած է նաեւ, որ 27 Հոկտեմբեր 2020ին, հակառակորդի ստորաբաժանումները կրցած են տիրել Արցախի Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց գիւղին, որմէ ետք բարձրաստիճան սպային կողմէ նոյն օրը գրաւոր կազմուած փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի, որ հակառակորդի ստորաբաժանումներուն նպատակը կը հանդիսանայ Շուշի բնակավայրին տիրելը:
«Հոկտեմբերի 29ին` ժամը 6ի սահմաններում, հակառակորդին յաջողուել է ամբողջութեամբ տիրել Սղնախ բնակավայրին եւ առաջխաղացումը զարգացնել դէպի Քարին Տակ-Շուշի բնակավայրերի ուղղութեամբ, որի մասին տեղեկատուութիւնը զեկուցուել է բարձրաստիճան սպային: Հոկտեմբերի 30ին սպայի կողմից արձակուել է մարտական կարգադրութիւն, որով իւրային ստորաբաժանումներից մէկին յանձնարարուել է Հոկտեմբերի 31ից Քարին Տակ բնակավայրի ուղղութեամբ հակառակորդի առաջխաղացումը կանխելու նպատակով պաշտպանութիւն ստանձնել Քարին Տակից 4 կիլոմետր հարաւ եւ 2 կիլոմետր հարաւ-արեւելք բնագծով: Նոյն կարգադրութեամբ արձանագրուել է, որ պաշտպանութեան այդ բնագծի աջակողմեան հատուածում իւրային ստորաբաժանումներ տեղակայուած չեն: Հոկտեմբերի 31ին` ժամը 6ից 7ն ընկած ժամանակահատուածում, մինչեւ պաշտպանական բնագիծ զբաղեցնելը, պարզուել է, որ տուեալ բնագիծն արդէն իսկ անցել է հակառակորդի վերահսկողութեան տակ, որի մասին զեկուցուել է վերադաս հրամանատար հանդիսացող բարձրաստիճան սպային: Արդիւնքում պաշտպանական բնագծի ճակատը կրկնակի կրճատուել է, զեկուցուել է, որ աջակողմեան հատուածը եւ իրենցից հետ զօրք տեղակայուած չէ, որի պայմաններում հակառակորդը հեշտութեամբ կարող է այդ հատուածով մօտենալ Շուշի-Լիսագոր աւտոմայրուղուն», մանրամասնեց Քննչական կոմիտէն:
Ունենալով վերոնշեալ տեղեկութիւնները, կոմիտէն կը յայտնէ, որ ՄԱն չէ յանձնարարած նշուած հատուածներուն մէջ զօրք տեղակայել, որուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդը 2 Նոյեմբեր 2020ին, աջ թեւէն շրջանցեց իւրային զօրքերը եւ յառաջացաւ Շուշի քաղաքի եւ Լիսագոր բնակավայրի միջտարածութիւնը: Մայրուղիի հատուածին մէջ հակառակորդի խումբերուն դիմակայելու համար համաչափ պաշտպանութեան կազմակերպման բացակայութեան պայմաններուն մէջ, 4 Նոյեմբերին` ժամը 2էն 4 երկարող ժամանակաշրջանին, հակառակորդի խումբերը յաջողեցան հատել Շուշի-Լիսագոր մայրուղին, անցնիլ «Իսահակի Աղբիւր» կոչուող տեղամասի ձորերուն ու բարձունքներուն ուղղութեամբ, կուտակել իրենց ուժերը եւ յառաջխաղացումը զարգացրել դէպի Շուշի քաղաքը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ պարզուեցաւ, որ անհրաժեշտ պաշտպանութիւն կազմակերպելու համար բարձրաստիճան սպան տակաւին 30-31 Հոկտեմբերէն կարելիութիւն ունեցաւ կիրարկել ընդհանուր շուրջ 550 զինուորներէ բաղկացած 4 ստորաբաժանումներ, որոնք տուեալ ժամանակաշրջանին ներգրաւուած չեն եղած թէ՛Շուշիի եւ թէ որեւէ այլ ուղղութեամբ մարտական խնդիրներու կատարման մէջ: «Բացի այդ, բարձրաստիճան սպան, մինչեւ 2020 թ. Նոյեմբերի 6ը ներառեալ վերադասին գրաւոր կարգով զեկուցել է, որ շարունակում է խնդիրը կատարել, այդ թւում` Շուշի քաղաքի ուղղութեամբ, իրադրութիւնը ներկայացրել է բարդ, բայց վերահսկելի, եւ դա այն պայմաններում, որ Նոյեմբերի 5ին` երեկոյեան, հակառակորդի խմբերին յաջողուել է ներթափանցել Շուշի:
«Գեներալ-լէյտենանտի զինուորական կոչում կրող սպայի` ՄԱի նկատմամբ յարուցուել է հանրային քրէական հետապնդում: Վերջինիս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը: Նախաքննութիւնն աւարտուել է, հսկող դատախազը հաստատել է մեղադրական եզրակացութիւնը եւ գործն ուղարկուել է դատարան», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը: