image

Պարո՛ն Պապիկեան, տէր կանգնէք մեզ, վաղն այստեղ հաւաքուածներն են կռուելու Սիւնիքում․ Արցախցի հայրենակից

Պարո՛ն Պապիկեան, տէր կանգնէք մեզ, վաղն այստեղ հաւաքուածներն են կռուելու Սիւնիքում․ Արցախցի հայրենակից

Արցախէն բռնի տեղահանուած թոշակառուները, այդ շարքին զինուորական թոշակառուները ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան շէնքի դիմաց բողոքի հաւաք իրականացուցած են՝ պահանջելով, որ տրամադրեն իրենց թոշակն ու նպաստը։

Անոնք յայտարարած են, որ ոչ թոշակ ստացած են, ոչ՝ աշխատավարձ։ Զինուորական թոշակառուներէն մէկը  լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին դիմած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին։

«Պարո՛ն Պապիկեան, տէր կանգնէք մեր պահեստազօրի սպաներին, քանի որ մենք հայրենիքի համար շատ աշխատանք ենք կատարել։ Հակառակորդն  ախորժակը բացած դէպի Սիւնիք է գալիս, այստեղ  հաւաքուած մարդիկ ենք կռուելու այնտեղ, մենք ենք ձեր թիկունքին կանգնելու։ Մենք պատրաստ ենք գնալ առաջնագիծ եւ պահպանել մեր ՀՀ-ի սահմանները»,-ըսած է բողոքի ցոյցի մասնակիցը։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ իշխանութիւնները բռնի տեղահանուած արցախցիներուն կ՚առաջարկեն կամ ստանալ փախստականի կարգավիճակ, կամ ընդունիլ ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ ստանալ թոշակ եւ նպաստ, ինչպէս ՀՀ բոլոր քաղաքացիները: