Արցախի թեմի նախկին առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը վիրահատութեան ենթարկուած է։
«Այսօր աճուկային ճողուածքի վիրահատութեան է ենթարկուել Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը: Խնդրում ենք աղօթել շուտափոյթ ապաքինման համար»,- նշուած է դիմատետրեան էջին տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ ներկայիս Պարգեւ Սրբազանը կը գտնուի ԱՄՆ ու տեւական ժամանակ է ունի առողջական խնդիրներ։