image

Պարգեւ

Պարգեւ

Խոստովանիմ որ կը դժուարանամ անձին շնորհուած պարգեւի մը մասին արտայայտուելէ։ Բարեբախտաբար ունինք աշխատակիցներ, որոնք այդ մասին լրատուութիւնը կը կատարեն մեծ ոգեւորութեամբ եւ մեզ խնայած կ՚ըլլան ինքնագովութեան դժբախտ երեւոյթէն։ Երախտապարտ եմ իրենց։ Բայց միւս կողմէ կ՚ուզեմ անդրադառնալ այս պարգեւը շնորհած միութեան վաստակին։ Մարդու Իրաւունքներու Միութիւնը հիմնուած է այդ մասին համատարած պահանջի ամենաբարձր զգացուած տարեթիւերուն՝ 1986-ին։

1980-ի զինուրական յեղափոխութիւնը բովանդակ երկրի տարածքին գործադրած բռնութիւններով արհամարհած, ոտնակոխած էր մարդու ամենահիմնական իրաւունքը՝ կեանքը շարունակելու առիթը։ Զինուորներու համար երբեք նշանակուաթիւն չէր ունեցած մարդու կեանքը եւ արժանապատուութիւնը։ Անոնք գործի լծուած էին նախապէս ծրագրաւորուած գործողութիւն մը իրականացնելու համար։ Յիշենք որ նոյն 1980 թուի 9 Յունուարին, Թուրքիոյ ընկերատնտեսական կեանքին մէջ մտցուեցաւ նոր ծրագիր մը, որ պիտի համապատասխանէր մեծ ընկերութիւններու ակնկալութիւններուն։ Փոքր դրամագլուխով ընկերութիւնները, կամ սեփական նախաձեռնութիւնները պիտի սնանկանային, ասպարէզը թողելով հսկայ եւ շատ անգամ ալ միջազգային բնոյթ ունեցող ընկերութիւններու։

Մասնագէտներ կը վկայէին, թէ նման համակարգի փոփոխութիւնը կարելի չէ իրագործել ժողովրդավարական վարչակազմի մը պայմաններուն տակ։ Օրինակ կը բերէին այդ եղանակը որդեգրած Պրազիլը, որ սոյն տարիներուն ենթարկուած էր զինուորական իշխանութեան ճիրաններուն։ Տեղին էր իրենց հաստատումը, արդարեւ հազիւ ութը ամիս անց նոյն զինուորական իշխանութիւնը հաստատուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ։

Մարդու Իրաւունքներու Միութեան հիմնադրութիւնը կը զուգադիպի այդ խաւար շրջանի յաջորդող տարիներուն, ուր հազիւ կարելի դարձած էր նման միութիւն մը հիմնել։ Սակայն հիմնադրութենէն սկսեալ նոր միութիւնը ընդմիշտ հալածանքներու ենթարկուեցաւ։ Անոր վարիչները յաճախ ազատազրկման դատապարտուեցան կառավարութեան դէմ գործելու մեղադրանքով։

Որքան հետաքրքրական է, թէ մարդու իրաւունքները պաշտպանելը ինքնաբերաբար կ՚ընկալուի կառավարութեան դէմ գործելու մեղադրանքով։ Ուրեմն առանց վերապահութեան կրնանք ըսել, թէ նոյն ինքն կառավարութիւնն է մարդու իրաւունքները բռնաբարողը։

Այս սիւնակի ընթերցողները արդէն գիտեն մեր համոզումը անհատի եւ պետականութեան միջեւ գոյացած հակադրուածութիւններու դիմաց։

Մեզի շնորհուած մրցանակը իր անուանակոչումը կը ստանար անուանի մտաւորականի մը՝ Այշէնուր Զարաքօլուի անունը։ Անուն մը, որ հիմնադիրներէն եղած է այս միութեան եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին ենթարկուած է պետական ճնշումներու, իր որդեգրած գաղափարներուն եւ գործերուն պատճառաւ։

Յաւելեալ երջանկութիւն է իմանալ թէ նոյն մրցանակը նախապէս շնորհուած է թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինքին։ Այս ալ իր կարգին հետաքրքրական երեւոյթ մըն է, քանի որ 2019-ին ստացած Հայաստանի Հանրապետութեան պետական նշանը եւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան շքանշանը նոյնպէս նախապէս յանձնուած էին Հրանդ Տինքին եւ Ռակըպ Զարաքօլուին։ Ուրեմն մեր աշխատութիւնն ալ եթէ կը գնահատուի նման չափանիշներով, չեմ ուզեր թաքցնել իմ մէջ բարձրացող հպարտութեան զգացումը։

 

Բագրատ Էսդուգտան