image

Գրիգոր Պանճեանի անակնկալ մահը

Գրիգոր Պանճեանի անակնկալ մահը

Հալէպի հարազատ զաւակ եւ երկար տարիներէ ի վեր Քուէյթ հաստատուած Գրիգոր Պանճեանի (59 տարեկան) անակնկալ մահուան բօթը «Արեւելք» ստացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս տխուր առթիւ խմբագրութեանս ուղարկուած հակիրճ մահագրութիւնը.  

«Գրիգոր Պանճեան ծնած էր 30 հոկտեմբեր 1965-ին՝ Հալէպի մէջ։ Ան փոքր տարիքէն ծնողներուն հետ փոխադրուած էր Քուէյթ: Որպէս աշխատանք կը զբաղէր ադամանդի առքուվաճառքով: Վերջերս սրտի վիրահատութենէն ետք անոր մօտ առաջացած էին որոշակի բարդութիւններ։ Գրիգորի բուժման հետեւող բժիշկներ յանգած էին այն եզրակացութեան, որ անոր կեանքը կարելի է փրկել միայն նոր սրտի մը տեղադրումով, որ ցաւօք չէ պսակուած յաջողութեամբ ու երիտասարդ Գրիգոր առ յաւէտ փակած է իր աչքերը…

Ան եղած է  ընկերասէր մարդասէր, յարգուած անձնաւորութիւն մը։ Կատարած է բազում բարեսիրական գործեր, որոնց մասին բնաւ չէր ուզէր խօսիլ, կամ նոյնիսկ տեղեկացնել իր շրջապատին։

Ի վերջոյ Գրիգորի կորուստը շատ անհաւատալի է եւ մեծ վիշտ է ընկերներուն եւ զինք սիրող ու յարգող շրջանակին համար: Նշենք նաեւ, որ Գրիգոր Պանճեանի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուած են այսօր՝ 22 յուլիս 2024-ին, Քուէյթի Հայց. Առաքելական Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։