image

Քեսապի մէջ. Սալբի Թիթիզեանի պարգեւատրումը

  Քեսապի մէջ. Սալբի Թիթիզեանի պարգեւատրումը

 Օրերս  մտայղաձումով Քեսապի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ Հ. Նարեկ  վրդ. Լուիսեանին  տեղի ունեցած է պարգեատրումը համայնքի նուիրեալ անդամուհիներէն՝ օրդ. Սալբի Թիթիզեանին։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ   Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Միքայէլ» եկեղեցւոյ  դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Երկուշաբթի` 20 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս.Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ, Ս.Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը նուիրուեցաւ «Մայրերու տօն»ին առթիւ։ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Բարեյուսոյ» Վրժ.-ի, գործադիր տնօրէնուհի` Համեստափայլ Օրի.Սալբի Թիթիզեան բանախօսեց նիւթ ունենալով` «Աստուածածինը որպէս տիպար օրինակ հայ մայրերու»։Ան ըսաւ.«Աստուած նոր ուխտով մը, երբ Իր սէրը ուզեց յայտնել մարդ արարածին եւ փրկել զայն յաւիտենական տանջանքէն` ընտրեց Սուրբ Կոյս"Մարիամ"ը որպէս զի ըլլայ Փրկիչին մայրը եւ այսպիսով` կամուրջ հանդիսանայ` Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան միջեւ։Այս աւետիսով Աստուած յեղաշրջեց համամարդկային պատմութեան ընթացքը,ուր պարզ եւ աննշան կոյս մը դարձաւ կիներուն մէջ օրհնեալը,զոր Աստուած ընտրեց անկէ մարմին առնելու եւ մարդանալու։Այսօր,

հայ մայրեր շատ բան ունին սորվելիք Աստուածածինին օրինակէն որպէս մայր։Աստուած տեսաւ անոր մէջ մաքրակենցաղ ապրումներու խորան եւ մաքուր ընթացք ունեցող կոյս մը,որուն շնորհիւ արժանացաւ կոչուելու "Տիրամայր" եւ "Աստուսծածին"։Մայր անունը կրելը դիւրին չէ, ան կը պահանջէ բացառիկ պատասխանատուութիւն,

որովհետեւ մայրը հոմանիշ է կեանքի։Մարիամ իր կեանքով ցոյց տուաւ լիարժէք կեանքով ապրելու կարեւորութիւնը, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ ցաւ։Ան հաւատարիմ մնաց իր կոչումին մինչեւ վերջ։Իր խօսքին աւարտին, բանախօսը մաղթեց որ Տիրամօր կերպարը,մայրական գութն ու անսպառ սէրը ուղեցոյց դառնան մեր սիրել հայ մայրերուն ամէնուրեք, բարեխօսելով առ Միածին Որդիին` Տէր Յիսուս Քրիստոսին,ամէն։ Աւարտին` Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անունով շնորհակալութիւն հայտնեց Օրի. Թիթիզեանին բանախօսութեան եւ յատկապէս վարժարանէն ներս որպէս գործադիր տնօրէնուհի, Իր 20-ամեայ նուիրումին, Սիրոյ եւ ծառայութեան համար ու Քրիստոսի արձանի յուշանուէրով պարգեւատրեց զինք։