Ռուսիոյ մէջ ծնելիութեան ցած մակարդակի վրայ է՝ 1,4, այս ցուցանիշը «աղէտալի» է ազգի ապագայի համար, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով Նոր մետիաներու փառատօնի մասնակիցներու հետ հանդիպման։ Այս մասին գրած է rbc.ru-ն:
«Մենք կ՚ապրինք աշխարհի ամենամեծ երկրին մէջ։ Սակայն տարուէ տարի մեր թիւը կը նուազի։ Իսկ այդ կարելի է լուծել միայն ծնելիութեան միջին մակարդակի բարձրացմամբ»,-ըսած է ան:
Ըստ Ռոսսթաթի տուեալներու՝ 2023 թուականին Ռուսիոյ բնակչութիւնը նուազած է 244 հազար մարդով եւ կազմած 146,2 միլիոն: Ծնելիութեան ամենաբարձր ցուցանիշները գրանցուած են Չեչնիայի մէջ (2,66), Թուվայի մէջ (2,44) եւ Ալթայի Հանրապետութեան մէջ (2,03), ամենացածը՝ Լենինկրատի մարզի մէջ (0,88) եւ Սեւասթոպոլի մէջ (0,98): Աշխատանքի նախարարութիւնը երկրի մէջ ծնելիութեան անկումը բացատրած է 20-29 տարեկան կանանց թիւի նուազմամբ եւ աշխատաշուկայի մէջ անորոշութեամբ: