ԱՄՆ նախագահն ընդունած է Իսրայէլի վարչապետը: Սպիտակ տան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Ճօ Պայտըն եւ Պենիամին Նաթանիահու մանրամասն քննարկած են Կազայի հատուածի մէջ զարգացումները, հրադադարի հաստատման եւ գերիները վերադարձնելու շուրջ բանակցութիւնները։
Պայտըն ընդգծած է առկայ խնդիրները լուծելու, հրադադարի գործարքը հնարաւորինս շուտ վերջնականացնելու եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը։
ԱՄՆ նախագահն անդրադարձած է նաեւ Կազայի հատուածի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին, շեշտած՝ մարդասիրական օգնութեան հոսքերու խոչընդոտները պէտք է վերացուին, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին քաղաքացիական անձանց պաշտպանութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ:
Պայտըն նաեւ վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու հաւատարմութիւնն Իսրայէլի անվտանգութեան, Իրանէն, «Համաս»-էն, «Հըզպալլա»էն եւ հուսիներէն բխող բոլոր սպառնալիքներէն պաշտպանութեան: