Հայաստանի Գրողներու միութիւնը եւ Ամերիկահայ գրողներու եւ լրագրողներու միութիւնը միասնաբար «Դրուատանքի մագաղաթ» շքանշանը շնորհած են պոլսահայ անուանի հրապարակախօս Ռոպէր Հատտէճեանին եւ պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան վաստակաւոր մշակ՝ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանին, նկատի ունենալով անոնց բեղուն գրիչը եւ հայ գրականութեան բերած նպաստը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ակօս»էն, որ այս առթիւ գրած է՝
6 Փետրուար թուակիր «Մարմարա» օրաթերթը արդար հպարտութեամբ իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէր
Սա ուրախալի գնահատանք մըն էր պարոն Հատտէճեանի համար, որ կը զուգադիպէր իր ծննդեան 98-րդ տարեդարձի օրերուն։
Զոյգ կազմակերպութիւններու անունով պարգեւը «Մարմարա»ի խմբագրատուն յանձնուեցաւ տիկին Լուսան Պըչաքճըի ձեռամբ։
Իրականութեան մէջ զոյգ կազմակերպութիւնները նոյն բնոյթով պարգեւ մըն ալ ուղարկած են պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան մի այլ վաստակաւոր մշակի՝ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանին, դարձեալ նկատի ունենալով անոր բեղուն գրիչը եւ հայ գրականութեան բերած նպաստը։
«Ակօս»ի խմբագրութեան անունով կը շնորհաւորենք զոյգ պարգեւատրեալները, եւ կը հայցենք մեր արեւշատութեան մաղթանքները։
Բացի Սարըասլանէ եւ Հատտէճեանէ զոյգ կազմակերպութիւնները «Դրուատանքի Մագաղաթ» մրցանակներ շնորհած են Ամերիկահայ արձակագիրներ Սարգիս Վահագնի, Խաչկարի, դերասաններ՝ Ալլա Թումանեանի, Յովհաննէս Պապախանեանի եւ բանաստեղծներ Փանոս Ճերանեանի եւ Վազգէն Վանատուրի։