«Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի անհիմն մեղադրանքները Ատրպէյճանի հասցէին ցոյց կու տան, որ Երեւան անկեղծ չէ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով», այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի քարտուղար՝ Լէյլա Ապտուլաեւան:
«Հոլանտայի Քլինկենտելի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին մէջ ելոյթի ժամանակ Ատրպէյճանի հասցէին Հայաստանի վարչապետի կողմէ հնչած անհիմն մեղադրանքները, անոնց կարգին՝ մարդասիրական հարցերու հետ կապուած կեղծ պնդումները, ցոյց կու տան, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը հեռու է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով անկեղծ ըլլալէ»,- ըսած է Ապտուլաեւան։
Անոր խօսքով, «հայկական կողմը առաջին հերթին պէտք է հասկնայ, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու համար ոչ միայն խօսքեր պէտք են, այլ նաեւ գործողութիւններ»։
«Անկասկած, մարդասիրական հարցերը խաղաղութեան օրակարգի կարեւոր բաղադրիչն են։ Այդ իսկ պատճառով Ատրպէյճան իր գործունէութեան մէջ տեւական առաջնորդուած է մարդասիրական սկզբունքներով եւ միակողմանիօրէն մարդասիրական քայլեր ձեռնարկած է 44-օրեայ պատերազմի եւ յետպատերազմեան շրջանին։ Բայց այն փաստը, որ Հայաստանի վարչապետը կը շարունակէ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցնել Ատրպէյճանի հասցէին, լրջօրէն կասկածի տակ կը դնէ այդ երկրի՝ յանուն խաղաղութեան գործելու ցանկութիւնը»,- ըսած է Ապտուլաեւան։