image

Պաքուի հերթական ողորմելի արարքը. Ապու Տապիի մէջ «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը ներկայացուած է որպէս ատրպէյճանական կոթող

Պաքուի հերթական ողորմելի արարքը. Ապու Տապիի մէջ «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը ներկայացուած է որպէս ատրպէյճանական կոթող

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսի մը ընթացքին Ատրպէյճանը իր տաղաւարը «զարդարած» է Ստեփանակերտի մէջ գտնուող «Մենք ենք, մեր սարերը» («Տետօ-Պապօ») յուշարձանի մանրակերտով։ Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ  «Ալ-Իթիհատ» պարբերականը:

1967-ին Հայաստանի ԽՍՀ միջոցներով հայ քանդակագործի ձեռամբ կառուցուած  յուշարձանի օգտագործումը ատրպէյճանեան կողմը բացատրած է ըսելով, թէ իբր այդ արձանը կառուցուած է Ատրպէյճանի ԽՍՀ դրամական միջոցներով։

Յիշեցնենք, որ Պաքու եւ անոր  իշխանութեան լոպիինկը ապահովող      միութիւններն ու քատրերը առաջին անգամը չէ, որ նման ողորմելի  քայլերու  կը  դիմեն։